bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
armenian-1853
/
Psalms 53
Psalms 53
armenian-1853
1
Անզգամը իր սրտին մէջ ըսաւ. «Աստուած չկայ»։ Ապականեցան պիղծ անօրէնութիւն ընելով։ Մէ՛կը չկայ որ աղէկութիւն ընէ։
2
Աստուած երկնքէն նայեցաւ մարդոց որդիներուն վրայ, Որպէս զի տեսնէ թէ կա՞յ արդեօք իմաստուն մէկը, Որ Աստուած փնտռէ։
3
Ամէնքը խոտորեցան, մէկտեղ անպիտան եղան. Աղէկութիւն ընող մը չկայ, հատ մըն ալ չկայ։
4
Միթէ չե՞ն ճանչնար անօրէնութիւն ընողները, Որոնք հաց ուտելու պէս իմ ժողովուրդս կ’ուտեն Ու Աստուծոյ չեն կանչեր։
5
Անոնք հո՛ն շատ վախցան՝ ուր վախ չկար. Վասն զի քեզ պաշարողներուն ոսկորները ցրուեց Աստուած։ Անոնք պիտի ամչնան եւ ամօթով մնան, վասն զի Աստուած անարգեց զանոնք։
6
Երանի՜ թէ Սիօնէն գար Իսրայէլի փրկութիւնը։ Աստուծոյ՝ իր ժողովուրդը գերութենէն դարձուցած ատենը՝ Յակոբ պիտի ցնծայ ու Իսրայէլ ուրախ պիտի ըլլայ։
← Chapter 52
Chapter 54 →