bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
armenian-1853
/
Psalms 52
Psalms 52
armenian-1853
1
Ինչո՞ւ անօրէնութիւնով կը պարծիս, ո՛վ բռնաւոր. Աստուծոյ ողորմութիւնը յաւիտենական է։
2
Լեզուդ չարութիւններ կը հնարէ Եւ սուր ածելիի պէս նենգութիւն կը գործէ։
3
Չարութիւնը բարութենէն աւելի կը սիրես Ու ստութիւնը՝ արդարութիւն խօսելէն աւելի։ (Սէլա։)
4
Ամէն կործանման խօսք Ու նենգաւոր լեզու կը սիրես։
5
Ուստի Աստուած յաւիտեան քեզ պիտի կործանէ, Քեզ պիտի բռնէ ու քեզ հանէ քու բնակարանէդ Ու քեզ արմատէդ պիտի խլէ կենդանիներուն երկրէն։ (Սէլա։)
6
Արդարները պիտի տեսնեն ու վախնան Ու անոր վրայ պիտի ծիծաղին՝ ըսելով.
7
«Ահա այն մարդը, որ Աստուած իրեն ապաւէն չըրաւ, Հապա իր շատ հարստութեանը վստահեցաւ Ու իր անօրէնութիւնովը զօրացաւ»։
8
Սակայն ես Աստուծոյ տանը մէջ կանանչ ձիթենիի պէս եմ. Աստուծոյ ողորմութեանը կը յուսամ յաւիտեանս յաւիտենից։
9
Քեզ պիտի գովեմ յաւիտեան, Որ այս բանը կատարեցիր Ու քու անուանդ պիտի յուսամ, Վասն զի բարի է սուրբերուդ առջեւ։
← Chapter 51
Chapter 53 →