bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
armenian-1853
/
Psalms 54
Psalms 54
armenian-1853
1
Ո՛վ Աստուած, քու անունովդ զիս ազատէ Ու քու զօրութիւնովդ իրաւունք ըրէ ինծի։
2
Ո՛վ Աստուած, լսէ՛ իմ աղօթքս։ Բերնիս խօսքերուն ականջ դիր,
3
Վասն զի օտարները իմ վրաս ելան Ու բռնաւորները կը փնտռեն իմ անձս Ու Աստուած իրենց առջեւ չդրին։ (Սէլա։)
4
Ահա Աստուած ինծի օգնական է։ Տէրը իմ հոգիիս պաշտպաններուն հետ է։
5
Չարութիւնը թշնամիներուս վրայ պիտի դարձնէ։ Քու ճշմարտութիւնովդ կորսնցուր զանոնք։
6
Ես իմ կամքովս քեզի զոհ պիտի մատուցանեմ, Ո՛վ Տէր, քու անունդ պիտի գովեմ, վասն զի բարի է,
7
Վասն զի ամէն նեղութենէ զիս փրկեց Ու իմ աչքս թշնամիներուս կորուստը տեսաւ։
← Chapter 53
Chapter 55 →