bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
armenian-1853
/
Psalms 29
Psalms 29
armenian-1853
1
Տէրոջը տուէք, ո՛վ հզօրաց որդիներ, Տէրո՛ջը տուէք փառք ու զօրութիւն։
2
Տէրո՛ջը տուէք իր անուան փառքը, Տէրոջը երկրպագութիւն ըրէ՛ք սրբութեան զարդարանքով։
3
Տէրոջը ձայնը ջուրերուն վրայ է։ Փառաց Աստուածը կ’որոտայ։ Տէրը շատ ջուրերու վրայ է։
4
Տէրոջը ձայնը ուժով է։ Տէրոջը ձայնը վեհափառութիւնով է։
5
Տէրոջը ձայնը եղեւինները կը կոտրէ Ու Տէրը կը կոտրտէ Լիբանանի եղեւինները.
6
Զանոնք կը ցատկեցնէ հորթի պէս, Լիբանանը ու Սարիօնը՝ միեղջերուներու ձագի պէս։
7
Տէրոջը ձայնը կրակին բոցերը կը ճեղքէ։
8
Տէրոջը ձայնը կը դողացնէ անապատը։ Տէրը Կադէսի անապատը կը դողացնէ։
9
Տէրոջը ձայնը եղնիկները կը ծնցնէ Ու անտառները կը մերկացնէ. Անոր տաճարին մէջ ամէնքն ալ անոր փառքը կը հռչակեն։
10
Տէրը ջրհեղեղին վրայ կը նստի, Տէրը յաւիտեան թագաւոր պիտի ըլլայ։
11
Տէրը իր ժողովուրդին զօրութիւն պիտի տայ, Տէրը իր ժողովուրդը խաղաղութիւնով պիտի օրհնէ։
← Chapter 28
Chapter 30 →