bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
armenian-1853
/
Psalms 30
Psalms 30
armenian-1853
1
Ո՛վ Տէր, կը բարձրացնեմ քեզ, վասն զի զիս ազատեցիր Ու թշնամիներս իմ վրաս չուրախացուցիր։
2
Ո՛վ իմ Տէր Աստուածս, քեզ օգնութեան կանչեցի Ու զիս բժշկեցիր։
3
Ո՛վ Տէր, իմ անձս գերեզմանէն հանեցիր, Գուբը իջնողներուն մէջէն զիս ապրեցուցիր։
4
Սաղմո՛ս երգեցէք Տէրոջը, ո՛վ անոր սուրբերը Ու անոր սրբութիւնը յիշելով շնորհակալ եղէք։
5
Վասն զի մէկ րոպէ է իր բարկութիւնը, Բայց իր հաճութիւնը՝ մեր բոլոր կեանքի ընթացքին. Իրիկունը լաց կայ, Բայց առտուն՝ ուրախութիւն։
6
Ես իմ յաջողութեանս մէջ ըսի թէ՝ «Յաւիտեան պիտի չսասանիմ»։
7
Ո՛վ Տէր, քու հաճութիւնովդ իմ լեռս հաստատուն ըրիր. Երեսդ ծածկեցիր ու ես խռովեցայ։
8
Ո՛վ Տէր, քեզի կը կանչեմ Ու Տէրոջը աղաչանք կ’ընեմ։
9
Իմ արիւնէս ի՞նչ օգուտ կ’ըլլայ Եթէ ես գուբը իջնեմ։ Միթէ հողը քեզ պիտի գովէ՞, Կամ անիկա պիտի պատմէ՞ քու ճշմարտութիւնդ։
10
Լսէ՛, ո՛վ Տէր ու ողորմէ՛ ինծի. Ո՛վ Տէր, ինծի օգնական եղիր։
11
Իմ սուգս պարի փոխեցիր, Քուրձս ինծմէ հանեցիր Եւ ինծի ուրախութիւն հագցուցիր,
12
Որպէս զի իմ փառքս սաղմոս երգէ քեզի ու ալ չլռէ։ Ո՛վ իմ Տէր Աստուածս, յաւիտեան քեզ պիտի գովեմ։
← Chapter 29
Chapter 31 →