bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
armenian-1853
/
Psalms 28
Psalms 28
armenian-1853
1
Ո՛վ Տէր, քեզի կը կանչեմ։ Ո՛վ իմ Վէմս, մի՛ լռեր, Չըլլայ որ լռելուդ համար, Գերեզմանը իջնողներուն նմանիմ։
2
Լսէ՛ իմ խնդրուածքիս ձայնը Երբ քեզի աղաչեմ, Երբ իմ ձեռքերս վերցնեմ Դէպի քու սուրբ դաբիրդ։
3
Զիս մի՛ կորսնցներ ամբարիշտներուն հետ Ու անօրէնութիւն գործողներուն հետ, Որոնք իրենց ընկերներուն հետ խաղաղութեամբ կը խօսին, Բայց սրտերնուն մէջ չարութիւն կայ։
4
Հատուցանէ անոնց իրենց գործերուն համեմատ Ու իրենց ըրած չարութեանը համեմատ. Իրենց ձեռքերուն գործերուն համաձայն Հատուցում ըրէ անոնց։
5
Որովհետեւ անոնք Տէրոջը ըրածները Ու անոր ձեռքերուն գործերը նկատի չեն առներ, Պիտի կործանէ զանոնք ու ա՛լ պիտի չշինէ։
6
Օրհնեալ ըլլայ Տէրը, Որ լսեց իմ աղօթքիս ձայնը։
7
Տէրը զօրութիւնս ու ասպարս է. Իմ սիրտս անոր յուսաց ու ես օգնութիւն գտայ։ Ուստի սիրտս ուրախացաւ Եւ ես իմ երգովս զանիկա պիտի գովեմ։
8
Տէրը անոնց ոյժն է Ու իր օծեալին փրկութեանը պարիսպն է։
9
Փրկէ՛ քու ժողովուրդդ Ու օրհնէ՛ քու ժառանգութիւնդ, Նաեւ հովուէ զանոնք ու յաւիտեան բարձրացուր։
← Chapter 27
Chapter 29 →