bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
armenian-1853
/
Psalms 141
Psalms 141
armenian-1853
1
Ո՛վ Տէր, քեզի կը կանչեմ, շուտով հասիր ինծի. Ակա՛նջ դիր իմ ձայնիս, երբ քեզի կը կանչեմ։
2
Թո՛ղ իմ աղօթքս խունկի պէս սեպուի քու առջեւդ Եւ իմ ձեռքերուս վեր վերցուիլը՝ իրիկուան պատարագին պէս ։
3
Ո՛վ Տէր, պահապա՛ն դիր իմ բերնիս Ու իմ շրթունքներուս դուռը պահպանէ։
4
Մի՛ թողուր որ սիրտս չար բանի ետեւէ խոտորի, Որպէս զի անօրէնութիւն գործող մարդոց հետ գէշ գործեր չընեմ Ու անոնց համադամ կերակուրներէն չուտեմ։
5
Արդարը թող զիս խրատէ եւ զարնէ ողորմութեամբ, Բայց անօրէնին իւղը թող չօծէ գլուխս, Վասն զի անդադար անոնց չարութիւններուն դէմ պիտի աղօթեմ։
6
Երբ անոնց դատաւորները ապառաժներու մէջ ձգուին, Այն ատեն իմ խօսքերս պիտի լսեն, վասն զի քաղցր են։
7
Ինչպէս հերկողը ու ճեղքողը կը ցրուէ երկրի վրայ, Այնպէս անոնց ոսկորները գերեզմանին բերանը ցիրուցան եղան.
8
Սակայն, ո՛վ Տէր Եհովա, իմ աչքերս դէպի քեզ են. Քեզի՛ յուսացի, իմ հոգիս անպաշտպան մի՛ ձգեր։
9
Ինծի համար լարուած որոգայթէն Ու անօրէնութիւն գործողներուն վարմերէն զիս պահէ։
10
Ամբարիշտները իրենց ցանցերուն մէջ պիտի իյնան, Մինչ միայն ես անվնաս պիտի անցնիմ։
← Chapter 140
Chapter 142 →