bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
armenian-1853
/
Psalms 142
Psalms 142
armenian-1853
1
Իմ ձայնովս Տէրոջը կ’աղաղակեմ, Իմ ձայնովս Տէրոջը կ’աղաչեմ։
2
Իմ գանգատս անոր առջեւ կը թափեմ. Իմ նեղութիւնս անոր առջեւ կը պատմեմ։
3
Երբ հոգիս իմ մէջս կը նուաղէր, Դուն իմ շաւիղս գիտցար։ Իմ քալած ճամբուս մէջ Ինծի համար գաղտուկ որոգայթ լարեցին։
4
Աջ կողմս կը նայիմ ու կը տեսնեմ թէ Ոչ ոք կը ճանչնայ զիս։ Ապաւէնը ինծմէ կորսուեցաւ. Բնաւ մէկը չկայ, որ իմ անձիս համար հոգ ընէ։
5
Ո՛վ Տէր, քեզի աղաղակեցի Ու ըսի. «Դո՛ւն ես իմ ապաւէնս Եւ իմ բաժինս կենդանիներու երկրին մէջ։
6
Ակա՛նջ դիր իմ աղաղակիս, Վասն զի շատ նուաստացայ։ Ազատէ՛ զիս իմ հալածիչներէս, Վասն զի ինծմէ զօրաւոր են։
7
Իմ անձս բանտէն հանէ՛, Որպէս զի քու անուանդ գոհութիւն մատուցանեմ։ Արդարները իմ չորս կողմս պիտի պատեն, Երբ ինծի բարութիւն ընես»։
← Chapter 141
Chapter 143 →