bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
armenian-1853
/
Psalms 140
Psalms 140
armenian-1853
1
Ո՛վ Տէր, չար մարդէն զիս փրկէ՛ Ու բռնաւոր մարդէն զիս պահէ՛,
2
Որոնք սրտերնուն մէջ չար բաներ կը մտածեն Ու ամէն օր կռիւներու համար կը հաւաքուին։
3
Իրենց լեզուները օձի պէս սրեցին։ Իժի թոյն կայ անոնց շրթունքներուն տակ։ (Սէլա։)
4
Ո՛վ Տէր, զիս ամբարշտին ձեռքէն պահէ՛. Զիս բռնաւոր մարդէն պահպանէ՛, Որոնք իմ գնացքներս խափանելու խորհուրդ ըրին։
5
Ամբարտաւանները ինծի համար գաղտնի որոգայթ ու չուաններ լարեցին, Ուռկան փռեցին իմ ճամբուս վրայ, Վարմեր դրին ինծի համար։ (Սէլա։)
6
Ըսի Տէրոջը. «Դուն ես իմ Աստուածս»։ Ո՛վ Տէր, լսէ՛ իմ աղաչանքիս ձայնը։
7
Ով Տէր Եհովա, իմ փրկութեանս զօրութիւնը, Դուն իմ գլխուս հովանի եղար պատերազմին օրը։
8
Ո՛վ Տէր, ամբարշտին ցանկութիւնները մի՛ գոհացներ, Անոր չար խորհուրդը մի՛ յաջողցներ, Որ չըլլայ թէ բարձրանան։ (Սէլա։)
9
Զիս պաշարողները բարձրացուցին իրենց գլուխները եւ Իրենց շրթունքներուն չարախօսութիւնը թող զիրենք ընկճէ։
10
Վառած ածուխներ թող իյնան անոնց վրայ. Խորունկ ջուրերու մէջ թող ձգէ, որպէս զի բնաւ վեր չելլեն։
11
Չարախօս մարդը երկրի վրայ պիտի չհաստատուի. Թշուառութիւնը պիտի որսայ բռնաւոր մարդը, Որպէս զի զանիկա կործանէ։
12
Գիտեմ թէ Տէրը խեղճին դատաստանը պիտի տեսնէ Ու իրաւունք պիտի ընէ աղքատներուն։
13
Յիրաւի արդարները քու անունդ պիտի գովեն. Ուղիղները քու առջեւդ պիտի բնակին։
← Chapter 139
Chapter 141 →