bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
armenian-1853
/
Psalms 113
Psalms 113
armenian-1853
1
Ալէլուիա՜։ Օրհնեցէ՛ք, ո՛վ Տէրոջը ծառաներ, Օրհնեցէ՛ք Տէրոջը անունը,
2
Օրհնեալ ըլլայ Տէրոջը անունը Ասկէ յետոյ մինչեւ յաւիտեան։
3
Արեւելքէն մինչեւ արեւմուտք Օրհնեա՛լ ըլլայ Տէրոջը անունը։
4
Տէրը բարձր է բոլոր ազգերուն վրայ. Անոր փառքը երկնքէն վեր է։
5
Մեր Տէր Աստուծոյն պէս ո՞վ կայ, Որ բարձրութեան մէջ կը բնակի.
6
Որ երկնքի ու երկրի մէջ եղած բաները Տեսնելու համար կը խոնարհի,
7
Որ աղքատը փոշիէն վեր կը վերցնէ Ու տնանկը աղբանոցէն կը բարձրացնէ,
8
Որպէս զի զանոնք նստեցնէ իշխաններուն հետ՝ Իր ժողովուրդին իշխաններուն հետ,
9
Որ ամուլ կինը տունը կը բնակեցնէ Ու որդիներու ուրախ մայրը կ’ընէ ։ Ալէլուիա՜։
← Chapter 112
Chapter 114 →