bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
armenian-1853
/
Psalms 114
Psalms 114
armenian-1853
1
Երբ Իսրայէլ Եգիպտոսէն դուրս ելաւ Ու Յակոբին տունը օտարալեզու ժողովուրդին մէջէն,
2
Յուդան՝ անոր սրբարանը Ու Իսրայէլ անոր իշխանութիւնը եղաւ։
3
Ծովը տեսաւ ու փախաւ։ Յորդանան ետ դարձաւ։
4
Լեռները խոյերու պէս ցատկռտեցին Ու բլուրները՝ գառնուկներու պէս։
5
Քեզի ի՞նչ եղաւ, ո՛վ ծով, որ փախար Եւ դո՛ւն, Յո՛րդանան, որ ետ դարձար։
6
Ո՛վ լեռներ, ինչո՞ւ խոյերու պէս ցատկռտեցիք Ու դո՛ւք, բլուրներ՝ գառնուկներու պէս։
7
Սարսափէ՛, ո՛վ երկիր, Տէրոջը երեսէն, Յակոբին Աստուծոյն երեսէն,
8
Որ վէմը ջուրերու լիճի դարձուց Ու ապառաժը՝ ջուրերու աղբիւրի։
← Chapter 113
Chapter 115 →