bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
armenian-1853
/
Psalms 112
Psalms 112
armenian-1853
1
Ալէլուիա՜։ Երանի՜ այն մարդուն, որ Տէրոջմէն կը վախնայ Ու անոր պատուիրանքներուն շատ կը հաւնի։
2
Անոր սերունդը զօրաւոր պիտի ըլլայ երկրի վրայ եւ Ուղիղներուն ցեղը պիտի օրհնուի։
3
Առատութիւն ու հարստութիւն պիտի ըլլայ անոր տանը մէջ Ու անոր արդարութիւնը յաւիտեան պիտի մնայ։
4
Խաւարին մէջ լոյս կը ծագի ուղիղներուն, քանզի Ողորմած ու գթած եւ արդար է։
5
Բարի մարդը կ’ողորմի ու փոխ կու տայ, Իր բաները իրաւունքով կը կատարէ։
6
Յիրաւի անիկա յաւիտեան պիտի չսասանի եւ Արդարին յիշատակը յաւիտեան պիտի մնայ։
7
Անիկա գէշ լուրէն չի վախնար. Անոր սիրտը հաստատ է ու Տէրոջը կը յուսայ։
8
Անոր սիրտը հաստատուած է, պիտի չվախնայ, Մինչեւ իր թշնամիներուն կորուստը տեսնէ։
9
Բաշխեց եւ աղքատներուն տուաւ. Անոր արդարութիւնը յաւիտեան պիտի մնայ։ Անոր եղջիւրը փառքով պիտի բարձրանայ։
10
Ամբարիշտը պիտի տեսնէ ու բարկանայ։ Իր ակռաները պիտի կրճտէ ու պիտի հալի։ Ամբարիշտներուն ցանկութիւնը պիտի կորսուի։
← Chapter 111
Chapter 113 →