bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
armenian-1853
/
Psalms 111
Psalms 111
armenian-1853
1
Ալէլուիա՜։ Բոլոր սրտով Տէրը պիտի գովեմ Ուղիղներուն ժողովին ու ժողովուրդին մէջ։
2
Տէրոջը գործերը մեծ են։ Անոնք բոլոր սիրողներէն կը քննուին։
3
Անոր գործը փառաւոր ու վայելուչ է Եւ անոր արդարութիւնը յաւիտեան կը մնայ։
4
Յիշել տուաւ իր հրաշքները։ Տէրը ողորմած ու գթած է։
5
Կերակուր տուաւ իրմէ վախցողներուն։ Իր ուխտը յաւիտեան պիտի յիշէ։
6
Իր գործերուն զօրութիւնը ցուցուց իր ժողովուրդին, Անոնց տալով ազգերուն ժառանգութիւնը։
7
Ճշմարտութիւնն ու իրաւունքը անոր ձեռքերուն գործերն են, Անոր բոլոր պատուիրանքները հաւատարիմ են։
8
Յաւիտեանս յաւիտենից հաստատուած են, Ճշմարտութեամբ եւ ուղղութեամբ եղած են։
9
Փրկութիւն ղրկեց իր ժողովուրդին, Իր ուխտը յաւիտեանս պահել պատուիրեց։ Սուրբ ու ահաւոր է անոր անունը։
10
Իմաստութեան սկիզբը Տէրոջը վախն է. Լաւ հասկացողութիւն ունին անոնք, որ զանոնք կը կատարեն. Անոր օրհնութիւնը յաւիտեան պիտի մնայ։
← Chapter 110
Chapter 112 →