bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
armenian-1853
/
Psalms 110
Psalms 110
armenian-1853
1
Տէրը իմ Տէրոջս ըսաւ. «Նստէ՛ իմ աջ կողմս, Մինչեւ քու թշնամիներդ ոտքերուդ պատուանդան ընեմ»։
2
Տէրը քու զօրութեանդ գաւազանը Սիօնէն պիտի ղրկէ։ Քու թշնամիներուդ մէջտեղը դո՛ւն տիրէ։
3
Ժողովուրդդ քու զօրութեանդ օրը Յօժարակամ պիտի ըլլայ սրբութեան զարդարանքներով. Քու երիտասարդներդ արշալոյսին արգանդի ցօղէն՝ ՝ Աւելի պիտի ըլլան քեզի։
4
Տէրը երդում ըրաւ ու պիտի չզղջայ. «Դուն յաւիտեան Մելքիսեդեկի կարգին պէս քահանայ ես»։
5
Տէրը քու աջ կողմդ է, Անիկա իր բարկութեան օրը թագաւորներ պիտի ջարդէ։
6
Անիկա հեթանոսներուն մէջ դատաստան պիտի ընէ, Մեռելներով պիտի լեցնէ, Շատ երկիրներու վրայ գլուխ եղողները պիտի ջարդէ։
7
Ճամբուն մէջ գետէն պիտի խմէ. Անոր համար գլուխ պիտի բարձրացնէ։
← Chapter 109
Chapter 111 →