bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
armenian-1853
/
Psalms 76
Psalms 76
armenian-1853
1
Աստուած Յուդայի մէջ ճանչցուած է. Անոր անունը Իսրայէլի մէջ մեծ է։
2
Անոր խորանը Սաղէմի մէջ է Եւ անոր բնակարանը՝ Սիօնի մէջ։
3
Տէրը հոն ջարդեց աղեղին նետերը, Վահանը, սուրը եւ պատերազմի զէնքերը։ (Սէլա։)
4
Դուն փառաւոր ես, Յաւիտենական լեռներէն աւելի գերազանց ես։
5
Սրտով զօրաւորները յափշտակուեցան, Քունի մէջ թաղուեցան, Բոլոր զօրեղ մարդիկը ձեռքերնին չկրցան գործածել։
6
Ո՛վ Յակոբին Աստուածը, քու յանդիմանութեանդ պատճառով Կառքն ու ձին անզգայ պառկեցան։
7
Դո՛ւն, ո՛վ Տէր, դուն ահաւոր ես Եւ ո՞վ կրնայ կայնիլ քու առջեւդ քու բարկութեանդ ատենը։
8
Դուն երկնքէն կատարեցիր դատաստանը։ Երկիրը վախցաւ ու լռեց,
9
Աստուած դատաստան ընելու ելաւ, Որպէս զի երկրին բոլոր հեզերը փրկէ։ (Սէլա։)
10
Իրաւցընէ մարդուն բարկութիւնը քեզ պիտի գովէ Ու մնացած բարկութիւնը դուն պիտի զսպես։
11
Ուխտ ըրէք ձեր Տէր Աստուծոյն ու կատարեցէք. Անոր բոլորտիքը եղողները Թող ընծաներ բերեն Ահաւորին։
12
Ինք իշխաններուն հոգին պիտի կտրէ, Ինք ահաւոր է երկրի թագաւորներուն։
← Chapter 75
Chapter 77 →