bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
armenian-1853
/
Psalms 75
Psalms 75
armenian-1853
1
Կը գովենք քեզ, ո՛վ Աստուած, Կը գովենք քեզ եւ քու անունդ կը կանչենք, Քու հրաշքներդ կը պատմենք։
2
Երբ որոշուած ժամանակը գայ, Ուղիղ դատաստան պիտի տեսնեմ։
3
Երկիրն ու անոր բոլոր բնակիչները մաշեցան. Անոր սիւները ես հաստատեցի։ (Սէլա։)
4
Ըսի հպարտներուն. «Մի՛ հպարատանաք» Ու ամբարիշտներուն՝ «Եղջիւր մի՛ վերցնէք։
5
Ձեր եղջիւրները վեր մի՛ վերցնէք։ Ամբարտաւան պարանոցով մի՛ խօսիք»։
6
Վասն զի բարձրանալը ո՛չ արեւելքէն է Եւ ո՛չ արեւմուտքէն, ո՛չ ալ անապատէն,
7
Հապա դատաւորը Աստուած է։ Մէկը կը ցածցնէ ու միւսը կը բարձրացնէ։
8
Վասն զի Տէրոջը ձեռքը բաժակ կայ ու գինին կարմիր է։ Անիկա լաւ խառնուած է ու անկէ կը թափէ Եւ երկրին բոլոր ամբարիշտները Անոր մրուրները քամելով պիտի խմեն։
9
Բայց ես յաւիտեան պիտի գովեմ, Յակոբին Աստուծոյն սաղմոս պիտի երգեմ։
10
Ամբարիշտներուն բոլոր եղջիւրները պիտի փշրուին, Արդարին եղջիւրները պիտի բարձրանան։
← Chapter 74
Chapter 76 →