bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
armenian-1853
/
Psalms 47
Psalms 47
armenian-1853
1
Ծափ զարկէ՛ք, ժողովուրդնե՛ր, Ցնծութեան ձայնով Աստուծոյ աղաղակեցէ՛ք։
2
Վասն զի Տէրը Բարձրեալ եւ Ահարկու է. Բոլոր երկրի վրայ Մեծ Թագաւոր է։
3
Ժողովուրդները մեզի կը հնազանդեցնէ Ու ազգերը մեր ոտքերուն տակ կը դնէ։
4
Ընտրեց մեզի մեր ժառանգութիւնը, Յակոբին փառաւորութիւնը՝ որ ինք սիրեց։ (Սէլա։)
5
Աստուած ցնծութիւնով վեր ելաւ, Տէրը՝ փողի ձայնով։
6
Սաղմոս երգեցէ՛ք Աստուծոյ, սաղմոս երգեցէ՛ք. Սաղմոս երգեցէք մեր Թագաւորին. սաղմոս երգեցէ՛ք.
7
Վասն զի Աստուած թագաւոր է բոլոր երկրի վրայ։ Երգ երգեցէ՛ք անոր ։
8
Աստուած ազգերուն վրայ կը թագաւորէ, Աստուած կը նստի իր սուրբ աթոռին վրայ։
9
Ժողովուրդին իշխանները հաւաքուեցան Աբրահամին Աստուծոյն ժողովուրդին հետ Վասն զի երկրին ասպարները Աստուծոյն են. Ինք խիստ բարձրացած է։
← Chapter 46
Chapter 48 →