bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
armenian-1853
/
Psalms 46
Psalms 46
armenian-1853
1
Աստուած մեր ապաւէնն ու զօրութիւնն է. Նեղութիւններու մէջ միշտ պատրաստ է օգնելու։
2
Անոր համար պիտի չվախնանք, թէեւ երկիրը փոխուի Ու լեռները ծովուն մէջտեղը ձգուին,
3
Թէեւ անոր ջուրերը գոռան ու պղտորին, Լեռները դողան անոր ուռենալովը։ (Սէլա։)
4
Գետին վտակները պիտի ուրախացնեն Աստուծոյ քաղաքը, Բարձրելոյն սուրբ բնակարանները։
5
Աստուած անոր մէջ է, անիկա պիտի չսասանի. Աստուած անոր պիտի օգնէ առտուն կանուխ։
6
Հեթանոսները կը խռովին, թագաւորութիւնները կը շարժին. Բարձրեալը իր ձայնը կու տայ, երկիր կը հալի։
7
Զօրաց Տէրը մեզի հետ է. Յակոբին Աստուածը մեր ապաւէնն է։ (Սէլա։)
8
Եկէ՛ք ու տեսէ՛ք Տէրոջը գործերը, Որ աւերումներ ըրաւ երկրի մէջ։
9
Պատերազմները կը դադարեցնէ մինչեւ երկրի ծայրը. Աղեղը կը կոտրտէ ու նիզակը կը ջարդէ, կառքերը կրակով կ’այրէ։
10
Հանդարտ կեցէ՛ք ու գիտցէ՛ք թէ՝ ես եմ Աստուած. Հեթանոսներուն մէջ պիտի բարձրանամ, երկրի վրայ պիտի բարձրանամ։
11
Զօրաց Տէրը մեզի հետ է, Յակոբին Աստուածը մեզի ապաւէն է։ (Սէլա։)
← Chapter 45
Chapter 47 →