bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
armenian-1853
/
Psalms 21
Psalms 21
armenian-1853
1
Ո՛վ Տէր, քու զօրութիւնովդ թագաւորը ուրախ պիտի ըլլայ Ու քու փրկութիւնովդ ո՜րչափ շատ պիտի ցնծայ։
2
Անոր սրտին փափաքը իրեն տուիր Ու անոր շրթունքներուն խնդիրքը իրմէ չարգիլեցիր։ (Սէլա։)
3
Վասն զի բարութեան օրհնութիւններով անոր հասար. Անոր գլուխը մաքուր ոսկիէ պսակ դրիր։
4
Քեզմէ կեանք խնդրեց Ու անոր երկայն օրեր տուիր յաւիտեանս յաւիտենից։
5
Անոր փառքը մեծ է քու փրկութիւնովդ. Փառք ու վայելչութիւն դրիր անոր վրայ։
6
Վասն զի օրհնութիւնները անոր վրայ հաստատեցիր յաւիտեան. Քու ներկայութեանդ ցնծութեամբ ուրախացուցիր զայն։
7
Վասն զի թագաւորը Տէրոջը կը յուսայ Ու Բարձրելոյն ողորմութիւնովը պիտի չսասանի։
8
Քու ձեռքդ պիտի գտնէ քու բոլոր թշնամիներդ Քու աջ ձեռքդ պիտի գտնէ քեզ ատողները։
9
Զանոնք կրակի հնոցի պէս պիտի ընես քու բարկութեանդ ժամանակը. Տէրը իր բարկութիւնովը բոլորովին պիտի կորսնցնէ՝ ՝ զանոնք Ու կրակը պիտի ուտէ զանոնք։
10
Անոնց զաւակը երկրէն պիտի կորսնցնես Ու անոնց սերունդը՝ մարդոց որդիներէն։
11
Եթէ քեզի դէմ չարութիւն ծրագրեն, Եթէ նենգութիւն խորհին, պիտի չկրնան կատարել ։
12
Վասն զի դու անոնց կռնակը ետ պիտի դարձնես. Քու նետերդ անոնց երեսին դէմ՝ լարերդ անոնց պիտի ուղղես։
13
Ո՛վ Տէր, քու ուժովդ փառաւորուէ։ Պիտի երգենք ու սաղմոս ըսենք քու զօրութեանդ։
← Chapter 20
Chapter 22 →