bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
armenian-1853
/
Psalms 20
Psalms 20
armenian-1853
1
Նեղութեան օրը Տէրը պատասխանէ քեզի, Յակոբին Աստուծոյն անունը քեզ պաշտպանէ.
2
Օգնութիւն ղրկէ քեզի սուրբ տեղէն Ու Սիօնէն զօրացնէ քեզ։
3
Քու ամէն ընծաներդ յիշէ Եւ քու ողջակէզներդ ընդունի։ (Սէլա։)
4
Քու սրտիդ համեմատ քեզի տայ Եւ քու ամէն խորհուրդներդ կատարէ։
5
Քու փրկութիւնովդ պիտի ուրախանանք Ու մեր Աստուծոյն անունովը դրօշակը վերցնենք։ Տէրը կատարէ քու ամէն խնդրուածքներդ։
6
Հիմա գիտցայ թէ Տէրը կը պահէ իր օծեալը, Անոր պատասխան կու տայ իր սուրբ երկնքէն՝ Իր աջ ձեռքին փրկութեան ուժովը։
7
Ոմանք՝ կառքերու եւ ոմանք ալ ձիերու կ’ապաւինին, Բայց մենք մեր Տէր Աստուծոյն անունը պիտի յիշենք։
8
Անոնք կորացան ու ինկան, Բայց մենք ելանք ու շիտակ կանգնեցանք։
9
Ո՛վ Տէր, փրկէ՛ թագաւորը, Պատասխան տուր մեզի մեր կանչելու օրը՝ ՝։
← Chapter 19
Chapter 21 →