bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
armenian-1853
/
Psalms 138
Psalms 138
armenian-1853
1
Քեզի գոհութիւն պիտի մատուցանեմ իմ բոլոր սրտովս Աստուածներուն առջեւ քեզի սաղմոս պիտի երգեմ։
2
Երկրպագութիւն պիտի ընեմ դէպի քու սուրբ տաճարդ Եւ քու անուանդ գոհութիւն պիտի մատուցանեմ Քու ողորմութեանդ ու ճշմարտութեանդ համար, Վասն զի քու բոլոր անունէդ վեր մեծցուցիր քու խօսքդ։
3
Կանչած օրս պատասխան տուիր ինծ, Իմ անձիս մէջ զօրութիւնով զիս ուժովցուցիր։
4
Ո՛վ Տէր, երկրի բոլոր թագաւորները քեզի գոհութիւն պիտի մատուցանեն, Երբ քու բերնիդ խօսքերը լսեն։
5
Տէրոջը ճամբաներուն մէջ պիտի երգեն. Վասն զի Տէրոջը փառքը մեծ է։
6
Թէպէտ Տէրը բարձր է, բայց խոնարհը կը տեսնէ Ու բարձրամիտը հեռուէն կը ճանչնայ։
7
Եթէ նեղութեան մէջ ալ քալեմ, Դուն զիս պիտի կենդանացնես, Իմ թշնամիներուս բարկութեանը դէմ Քու ձեռքդ պիտի երկնցնես Եւ քու աջ ձեռքդ զիս պիտի փրկէ։
8
Տէրը պիտի գործէ ինծի համար։ Ո՛վ Տէր, քու ողորմութիւնդ յաւիտենական է։ Քու ձեռքիդ գործերը երեսէ մի՛ ձգեր։
← Chapter 137
Chapter 139 →