bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
armenian-1853
/
Psalms 137
Psalms 137
armenian-1853
1
Բաբելոնի գետերուն քով՝ Հո՛ն կը նստէինք Ու Սիօնը մտքերնիս բերելով կու լայինք։
2
Անոր մէջ՝ ուռիներուն վրայ Կախեցինք մեր քնարները.
3
Վասն զի մեզ գերի ընողները Հոն մեզմէ երգ մը խնդրեցին Ու մեր կողոպտիչները ուրախութիւն, Ըսելով. «Երգեցէ՛ք մեզի Սիօնի երգերէն»։
4
Տէրոջը երգը ի՛նչպէս երգենք Օտար երկրի մէջ։
5
Ո՛վ Երուսաղէմ, եթէ քեզ մոռնամ, Թո՛ղ իմ աջ ձեռքս իր պաշտօնը մոռնայ.
6
Թո՛ղ իմ լեզուս իմ քիմքիս փակչի, Եթէ քեզ չյիշեմ, Եթէ Երուսաղէմը իմ գլխաւոր ուրախութենէս Աւելի մեծ չհամարեմ։
7
Յիշէ՛, ո՛վ Տէր, Եդովմի որդիները Երուսաղէմի օրուանը մէջ, Որոնք կ’ըսէին. «Փլցուցէ՛ք, փլցուցէ՛ք Մինչեւ անոր հիմը»։
8
Ո՛վ Բաբելոնի աւերող աղջիկ, Երանի՜ անոր՝ որ քեզի կը հատուցանէ Մեզի ըրած գործերուդ փոխարէնը։
9
Երանի՜ անոր՝ որ քու զաւակներդ կը բռնէ Ու քարի կը զարնէ։
← Chapter 136
Chapter 138 →