bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
armenian-1853
/
Psalms 125
Psalms 125
armenian-1853
1
Տէրոջը յուսացողները Սիօն լերանը պէս են, Որ չսասանիր, հապա յաւիտեան կը մնայ։
2
Ինչպէս Երուսաղէմ լեռներով շրջապատուած է, Նոյնպէս Տէրը իր ժողովուրդին չորս կողմն է Ասկէ յետոյ մինչեւ յաւիտեան։
3
Վասն զի ամբարշտին գաւազանը արդարներուն վիճակին վրայ պիտի չմնայ, Որպէս զի արդարները ձեռքերնին անօրէնութեան չերկնցնեն։
4
Ո՛վ Տէր, բարիք ըրէ բարիներուն Ու սրտով ուղիղներուն։
5
Սակայն զանոնք որ իրենց ծուռ ճամբաներուն մէջ կը մոլորին, Տէրը պիտի կորսնցնէ անօրէնութիւն ընողներուն հետ։ Խաղաղութիւն ըլլայ Իսրայէլի վրայ։
← Chapter 124
Chapter 126 →