bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
armenian-1853
/
Psalms 124
Psalms 124
armenian-1853
1
Եթէ Տէրը մեզի հետ չըլլար Հիմա Իսրայէլ թող ըսէ՝
2
Եթէ Տէրը մեզի հետ չըլլար, Երբ մարդիկ մեր վրայ ելան,
3
Այն ատեն ողջ ողջ պիտի կլլէին մեզ, Երբ անոնց բարկութիւնը մեր վրայ բորբոքած էր։
4
Այն ատեն ջուրերը մեզ պիտի ընկղմէին, Հեղեղը մեր անձերուն վրայէն պիտի անցնէր.
5
Այն ատեն փրփրած ջուրերը Մեր անձերուն վրայէն պիտի անցնէին։
6
Օրհնեալ ըլլայ Տէրը, Որ մեզ անոնց ակռաներուն որս չտուաւ։
7
Մեր անձերը ճնճղուկի պէս որսորդներուն որոգայթէն ազատեցան. Որոգայթը կոտրուեցաւ ու մենք ազատեցանք։
8
Մեր օգնութիւնը Տէրոջը անունովն է, Որ երկինքն ու երկիրը ստեղծեց։
← Chapter 123
Chapter 125 →