bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
armenian-1853
/
Psalms 122
Psalms 122
armenian-1853
1
Կ’ուրախանայի երբ ինծի կ’ըսէին. «Տէրոջը տունը երթանք»։
2
Մեր ոտքերը քու դռներուդ մէջ կայնեցան, Ո՛վ Երուսաղէմ։
3
Երուսաղէմ այնպիսի քաղաքի մը պէս շինուած է, Որ ինքնիրեն ամրօրէն միացած է։
4
Ցեղերը, Տէրոջը ցեղերը հոն կ’ելնեն Իսրայէլի պատուիրածին պէս. Տէրոջը անուանը գոհութիւն մատուցանելու համար։
5
Վասն զի հոն դրուած են դատաստանի աթոռները, Դաւիթի տանը աթոռները։
6
Երուսաղէմին համար խաղաղութիւն խնդրեցէք։ Թո՛ղ յաջողին անոնք, որ քեզ կը սիրեն։
7
Խաղաղութիւն թո՛ղ ըլլայ քու պարիսպներուդ մէջ Ու յաջողութիւն՝ քու պալատներուդ մէջ։
8
Իմ եղբայրներուս ու ընկերներուս համար Հիմա պիտի ըսեմ. «Խաղաղութիւն ըլլայ քու մէջդ»։
9
Մեր Տէր Աստուծոյն տանը համար Քեզի բարութիւն պիտի ուզեմ։
← Chapter 121
Chapter 123 →