bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
armenian-1853
/
Psalms 121
Psalms 121
armenian-1853
1
Աչքերս դէպի լեռները պիտի վերցնեմ, Ուրկէ իմ օգնութիւնս պիտի գայ։
2
Իմ օգնութիւնս Տէրոջմէն է, Որ երկինքը ու երկիրը ստեղծեց։
3
Անիկա քու ոտքդ պիտի չդողացնէ Ու քու Պահապանդ պիտի չքնանայ։
4
Ահա Իսրայէլի Պահապանը Պիտի չմրափէ ու պիտի չքնանայ։
5
Տէրը քու պահապանդ է. Տէրը քու աջ ձեռքիդ քով քու հովանիդ է։
6
Ցորեկը արեգակը քեզ պիտի չզարնէ, Ո՛չ ալ գիշերը՝ լուսինը։
7
Տէրը քեզ ամէն չարէն պիտի պահպանէ, Քու անձդ պիտի պահպանէ։
8
Տէրը քու ելլելդ ու մտնելդ պիտի պահպանէ Ասկէ յետոյ մինչեւ յաւիտեան։
← Chapter 120
Chapter 122 →