bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
Armenian Western NT 1994?
/
Hebrews 13
Hebrews 13
Armenian Western NT 1994?
1
Յարատեւեցէ՛ք եղբայրսիրութեան մէջ:
2
Մի՛ մոռնաք հիւրասիրութիւնը, որովհետեւ ոմանք անով հրեշտակներ հիւրընկալեցին թաքուն կերպով:
3
Յիշեցէ՛ք բանտարկեալները՝ որպէս թէ դո՛ւք ալ կապուած էք անոնց հետ, եւ չարչարուողները՝ որպէս թէ դո՛ւք ալ մարմինի մէջ էք:
4
Ամուսնութիւնը թող պատուական համարուի բոլորէն, ու անկողինը՝ անարատ պահուի, քանի որ Աստուած պիտի դատէ պոռնկողներն ու շնացողները:
5
Ձեր վարուելակերպը թող ըլլայ առանց արծաթսիրութեան. բաւարարուեցէ՛ք ձեր ունեցածով, որովհետեւ ինք ըսաւ. «Բնա՛ւ պիտի չթողում քեզ, ո՛չ ալ պիտի լքեմ քեզ»:
6
Հետեւաբար վստահութեա՛մբ ըսենք. «Տէրը իմ օգնականս է, ուստի պիտի չվախնամ. մարդը ի՞նչ պիտի ընէ ինծի»:
7
Յիշեցէ՛ք ձեզ կառավարողները՝ որ Աստուծոյ խօսքը քարոզեցին ձեզի, եւ հետեւեցէ՛ք անոնց հաւատքին՝ զննելով անոնց վարքին աւարտը:
8
Յիսուս Քրիստոս նոյնն է՝ երէկ, այսօր ու յաւիտեան:
9
Մի՛ տարուիք բազմազան եւ օտարոտի ուսուցումներէ, քանի որ լաւ է որ սիրտը հաստատուի շնորհքո՛վ, եւ ո՛չ թէ կերակուրներով, որոնք օգտակար չեղան անոնց համաձայն ընթացողներուն:
10
Մենք ունինք զոհասեղան մը, որմէ ուտելու իրաւունք չունին անոնք՝ որ կը ծառայեն խորանին.
11
քանի որ բանակավայրէն դուրս կ՚այրուին մարմինները այն կենդանիներուն, որոնց արիւնը կը տարուի սրբարանը՝ քահանայապետին միջոցով, մեղքի քաւութեան համար:
12
Ուստի Յիսո՛ւս ալ չարչարուեցաւ դռնէն դուրս, որպէսզի իր արիւնով սրբացնէ ժողովուրդը:
13
Ուրեմն երթա՛նք անոր՝ բանակավայրէն դուրս, կրելով իր նախատինքը.
14
որովհետեւ մենք հոս չունինք մնայուն քաղաք, հապա կը փնտռենք գալիք քաղաքը:
15
Ուստի՝ անոր միջոցով ամէն ատեն գովաբանութեան զոհ մատուցանենք Աստուծոյ, այսինքն՝ իր անունը դաւանող շրթունքներուն պտուղը:
16
Բայց մի՛ մոռնաք բարեգործութիւնն ու կարօտեալներուն հաղորդակցութիւնը, քանի որ այդպիսի՛ զոհեր հաճելի են Աստուծոյ:
17
Անսացէ՛ք ձեզ կառավարողներուն եւ ենթարկուեցէ՛ք անոնց, որովհետեւ անոնք կը հսկեն ձեր անձերուն վրայ՝ որոնց համար հաշիւ պիտի տան. որպէսզի ուրախութեա՛մբ ընեն այդ գործը, եւ ո՛չ թէ հառաչելով, քանի որ ատիկա օգտակար չէ ձեզի:
18
Աղօթեցէ՛ք մեզի համար, որովհետեւ համոզուած ենք թէ ունինք բարի խղճմտանք ու կ՚ուզենք ամէն բանի մէջ վարուիլ պարկեշտութեամբ:
19
Բայց առաւելապէս կ՚աղաչե՛մ որ ընէք ատիկա, որպէսզի աւելի՛ շուտ վերադարձուիմ ձեզի:
20
Խաղաղութեան Աստուածը, որ մեռելներէն վեր հանեց մեր Տէրը՝ Յիսուսը - ոչխարներուն մեծ Հովիւը՝ յաւիտենական ուխտին արիւնով -,
21
ամէն բարի գործի մէջ հաստատէ ձեզ՝ իր կամքը գործադրելու, ձեր մէջ իրագործելով իր առջեւ հաճելի եղածը՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով, որուն փա՜ռք դարէ դար՝՝: Ամէն:
22
Կ՚աղաչե՛մ ձեզի, եղբայրնե՛ր, որ հանդուրժէք այս յորդորական խօսքիս, որովհետեւ համառօտաբար գրեցի ձեզի:
23
Գիտցէ՛ք թէ մեր եղբայրը՝ Տիմոթէոս արձակուած է. եթէ շուտով գայ՝ անոր հետ պիտի տեսնեմ ձեզ:
24
Բարեւեցէ՛ք բոլոր ձեզ կառավարողներն ու բոլոր սուրբերը. կը բարեւեն ձեզ անոնք՝ որ Իտալիայէն են: Շնորհքը ձեր բոլորին հետ: Ամէն: Բարեւեցէ՛ք բոլոր ձեզ կառավարողներն ու բոլոր սուրբերը. կը բարեւեն ձեզ անոնք՝ որ Իտալիայէն են: Շնորհքը ձեր բոլորին հետ: Ամէն:
← Chapter 12