bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
armenian-2017
/
Revelation 15
Revelation 15
armenian-2017
1
Ուրիշ մեծ ու զարմանալի նշան մը տեսայ երկնքի մէջ։ Եօթը հրեշտակներ, որոնք եօթը վերջին հարուածները ունէին, որովհետեւ անոնցմով պիտի կատարուէր Աստուծոյ բարկութիւնը։
2
Տեսայ որպէս թէ ապակեղէն ծով մը կրակով խառնուած։ Անոնք որ յաղթեցին գազանին ու անոր պատկերին եւ անոր անուան թիւին, ապակեղէն ծովուն վրայ կայներ էին ու Աստուծոյ քնարները ունէին
3
եւ Աստուծոյ ծառային՝ Մովսէսին՝ երգը կ’երգէին ու Գառնուկին երգը, ըսելով. «Մեծ ու զարմանալի են քու գործերդ, ո՛վ Տէր Աստուած Ամենակալ. արդար ու ճշմարիտ են քու ճամբաներդ, ո՛վ Թագաւոր սուրբերու.
4
Տէ՛ր, ո՞վ պիտի չվախնայ քեզմէ ու քու անունդ չփառաւորէ, վասն զի Դո՛ւն միայն սուրբ ես. քանզի բոլոր ազգերը պիտի գան ու քու առջեւդ երկրպագութիւն պիտի ընեն, վասն զի քու արդար դատաստաններդ յայտնուեցան»։
5
Ասկէ յետոյ տեսայ, որ բացուեցաւ վկայութեան խորանին տաճարը, որ երկինքն էր
6
ու եօթը հարուածներ ունեցող եօթը հրեշտակները մաքուր ու պայծառ կտաւ հագած եւ իրենց կուրծքերուն վրայ ոսկեղէն գօտի կապած՝ տաճարէն ելան։
7
Չորս կենդանիներէն մէկը եօթը հրեշտակներուն եօթը ոսկեղէն սկաւառակներ տուաւ յաւիտեանս յաւիտենից կենդանի եղող Աստուծոյ բարկութիւնովը լեցուն։
8
Տաճարը Աստուծոյ փառքէն ու անոր զօրութենէն ծուխով լեցուեցաւ ու մէ՛կը չէր կրնար տաճարը մտնել, մինչեւ կատարուին եօթը հրեշտակներուն եօթը հարուածները։
← Chapter 14
Chapter 16 →