bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
armenian-1853
/
Zechariah 13
Zechariah 13
armenian-1853
1
Այն օրը Դաւիթին տանը ու Երուսաղէմի բնակիչներուն Բացուած աղբիւր մը պիտի ըլլայ Մեղքէն ու պղծութենէն մաքրուելու համար։
2
«Այն օրը, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը, Կուռքերուն անունները երկրէն պիտի ջնջեմ, այնպէս որ Անգամ մըն ալ պիտի չյիշուին։ Անոնց մարգարէներն ու պիղծ ոգին ալ երկրէն պիտի վերցնեմ։
3
Այնպէս որ երբ մարդ մը անկէ յետոյ մարգարէութիւն ընէ, Զանիկա ծնանող հայրն ու մայրը իրեն պիտի ըսեն. ‘Պիտի չապրիս, քանզի Տէրոջը անունովը սուտ խօսեցար’։ Անոր մարգարէութիւն ըրած ատենը՝ Զանիկա ծնանող հայրն ու մայրը զանիկա պիտի խոցեն։
4
Այն օրը մարգարէները Մարգարէութիւն ըրած ատեննին պիտի ամչնան։ Ամէն մէկը՝ իր տեսիլքէն։ Խաբելու համար մազոտ վերարկու պիտի չհագնին։
5
Անոնց ամէն մէկը պիտի ըսէ. ‘Ես մարգարէ չեմ, ես երկրագործ մարդ եմ. Քանզի իմ մանկութենէս ան իմ ստացուածքս է’։
6
Անոր պիտի ըսուի. ‘Ձեռքերուդ մէջի այս վէրքերը ի՞նչ են’։ Անիկա պիտի ըսէ. ‘Ասոնք իմ բարեկամներուս տանը մէջ ընդունած վէրքերս են’»։
7
«Արթնցի՛ր, ո՛վ սուր, իմ հովիւիս դէմ Ու իմ ընկերս եղող մարդուն դէմ», կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։ «Հովիւը զա՛րկ, որ աչխարները ցրուին։ Իմ ձեռքս պզտիկներուն դէմ պիտի դարձնեմ»։
8
Տէրը կ’ըսէ. «Բոլոր երկրին Երկու երրորդ մասը պիտի կտրուի ու պիտի մեռնի, Միայն մէկ երրորդ մասը պիտի մնայ անոր մէջ։
9
Այդ մէկ երրորդ մասը կրակէ պիտի անցընեմ, Զանոնք պիտի զտեմ՝ ինչպէս արծաթը կը զտուի, Զանոնք պիտի փորձեմ՝ ինչպէս ոսկին կը փորձուի. Անոնք իմ անունս պիտի կանչեն Ու ես անոնց պատասխան պիտի տամ։ Ես պիտի ըսեմ. ‘Անիկա իմ ժողովուրդս է’. Անոնք ալ՝ ‘Տէրը մեր Աստուածն է’, պիտի ըսեն»։
← Chapter 12
Chapter 14 →