bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
armenian-1853
/
Song of Solomon 3
Song of Solomon 3
armenian-1853
1
Իմ հոգիիս սիրածը Գիշերը մահիճիս մէջ փնտռեցի, Զանիկա փնտռեցի բայց չգտայ։
2
Ելլեմ հիմա պտըտիմ քաղաքին մէջ, Փողոցներուն ու հրապարակներուն մէջ, Իմ հոգիիս սիրածը փնտռեմ։ Զանիկա փնտռեցի, բայց չգտայ։
3
Քաղաքին մէջ պտըտող պահապանները զիս գտան։ «Արդեօք իմ հոգիիս սիրածը տեսա՞ք», ըսի ։
4
Անոնցմէ քիչ մը առաջ անցնելով, Իմ հոգիիս սիրածը գտայ։ Զանիկա բռնեցի ու չթողուցի, Մինչեւ որ իմ մօրս տունը Ու զիս ծնանողին սենեակը տարի։
5
Ո՛վ Երուսաղէմի աղջիկներ, Ձեզ այծեամներով կամ դաշտին եղնիկներովը կ’երդմնցնեմ, Որ սիրուհիս չվերցնէք ու չարթնցնէք՝ Մինչեւ որ ինք ուզէ։
6
Ո՞վ է ասիկա, որ զմուռսով եւ կնդրուկով Ու փերեզակներուն ամէն տեսակ փոշիովը խնկուած՝ Անապատէն կ’ելլէ ծուխի սիւներու պէս։
7
Ահա Սողոմոնին գահոյքը, Որուն բոլորտիքը Իսրայէլի զօրաւոր մարդոցմէ Վաթսուն զօրաւոր մարդ կայ։
8
Ամէնքն ալ սուսերաւոր Ու պատերազմի վարժուած են։ Գիշերուան վախին համար՝ Ամէն մէկուն սուրը իր ազդրին վրայ է։
9
Սողոմոն թագաւորը Լիբանանի ծառերէն Գահաւորակ մը շինեց իրեն համար։
10
Սիւները՝ արծաթէ, յենարանները՝ ոսկիէ, Բազմոցը ծիրանիէ շինեց, Որուն մէջ Երուսաղէմի աղջիկները Խիստ գեղեցիկ՝ ՝ ասեղնագործած էին։
11
Ո՜վ Սիօնի աղջիկներ, ելէ՛ք Եւ Սողոմոն թագաւորը տեսէ՛ք Այն թագովը, որով իր մայրը՝ անոր փեսայութեան օրը Ու սրտին ուրախութեան օրը՝ պսակեց զանիկա։
← Chapter 2
Chapter 4 →