bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
armenian-1853
/
Psalms 99
Psalms 99
armenian-1853
1
Տէրը կը թագաւորէ, ժողովուրդները թո՛ղ սարսափին։ Ինք քերովբէներուն վրայ կը նստի, երկիրը թո՛ղ շարժի։
2
Տէրը մեծ է Սիօնի մէջ Ու բարձրացած է բոլոր ժողովուրդներուն վրայ։
3
Թող գովեն քու մեծ ու ահաւոր անունդ։ Անիկա սուրբ է։
4
Թագաւորին զօրութիւնը իրաւունքը կը սիրէ՝ ՝։ Ուղղութիւն հաստատեցիր, Իրաւունք ու արդարութիւն ըրիր Յակոբին մէջ։
5
Բարձրացուցէք Տէրը, մեր Աստուածը Ու երկրպագութիւն ըրէ՛ք անոր ոտքերուն պատուանդանին։ Անիկա սուրբ է։
6
Մովսէսն ու Ահարոնը անոր քահանաներուն մէջ Եւ Սամուէլն անոր անունը կանչողներուն մէջ Տէրոջը կ’աղաղակէին։ Անիկա պատասխան կու տար անոնց։
7
Ամպի սիւնին մէջէն կը խօսէր անոնց հետ։ Անոնք կը պահէին անոր վկայութիւնները Ու այն հրամանը, որ իրենց տուաւ։
8
Ո՛վ Տէր, մեր Աստուածը, դուն կը լսէիր անոնց. Դո՛ւն, ո՛վ Աստուած, անոնց կը ներէիր, Թէպէտ վրէժխնդիր եղար անոնց գործերուն։
9
Բարձրացուցէ՛ք Տէրը, մեր Աստուածը Ու երկրպագութիւն ըրէ՛ք անոր սուրբ լերանը վրայ. Վասն զի Տէրը, մեր Աստուածը, սուրբ է։
← Chapter 98
Chapter 100 →