bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
armenian-1853
/
Psalms 96
Psalms 96
armenian-1853
1
Նոր երգ երգեցէ՛ք Տէրոջը, Ո՛վ բոլոր երկիր, երգեցէ՛ք Տէրոջը։
2
Երգեցէ՛ք Տէրոջը, օրհնեցէ՛ք անոր անունը։ Օրէ օր անոր փրկութիւնը քարոզեցէ՛ք։
3
Անոր փառքը ազգերուն մէջ պատմեցէ՛ք Ու անոր հրաշքները՝ բոլոր ժողովուրդներուն մէջ,
4
Քանզի Տէրը մեծ է ու խիստ գովելի։ Անիկա բոլոր աստուածներուն վրայ ահաւոր է,
5
Վասն զի ազգերուն բոլոր աստուածները կուռքեր են, Բայց Եհովան երկինքը ստեղծեց։
6
Փառք ու վայելչութիւն կայ անոր առջեւ, Զօրութիւն ու գեղեցկութիւն՝ անոր սրբարանին մէջ։
7
Տէրոջը տուէ՛ք, ո՛վ ժողովուրդներու տոհմեր, Տէրոջը տուէք փառք ու զօրութիւն։
8
Տէրոջը տուէ՛ք իր անուանը փառքը. Ընծայ բերէ՛ք ու անոր սրահներուն մէջ մտէ՛ք.
9
Սուրբ հանդէսով՝ ՝ Տէրոջը երկրպագութիւն ըրէ՛ք. Վախցէ՛ք անոր երեսէն, ո՛վ բոլոր երկիր։
10
Հեթանոսներուն մէջ ըսէք. «Տէրը կը թագաւորէ. Աշխարհն ալ հաստատած է, որպէս զի չսասանի. Անիկա պիտի դատէ ժողովուրդները ուղղութիւնով»։
11
Երկինք թո՛ղ ուրախանայ ու երկիր ցնծայ. Ծովը իր լիութիւնովը թո՛ղ գոռայ.
12
Դաշտը ու բոլոր անոր մէջ եղողները թո՛ղ ուրախանան. Այն ատեն անտառին բոլոր ծառերը պիտի ցնծան
13
Տէրոջը առջեւ, վասն զի պիտի գայ, Վասն զի պիտի գայ երկիրը դատելու. Պիտի դատէ աշխարհը արդարութիւնով Ու ժողովուրդները՝ իր ճշմարտութիւնովը։
← Chapter 95
Chapter 97 →