bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
armenian-1853
/
Psalms 88
Psalms 88
armenian-1853
1
Ո՛վ Տէր իմ փրկութեանս Աստուածը, Ցորեկը կ’աղաղակեմ ու գիշերը քու առջեւդ եմ ։
2
Իմ աղօթքս թող քու առջեւդ ելլէ։ Խոնարհեցո՛ւր քու ականջդ իմ աղաղակիս։
3
Վասն զի իմ անձս չարիքներով լեցուեցաւ Ու իմ կեանքս գերեզմանին մօտեցաւ։
4
Գուբը իջնողներուն հետ սեպուեցայ. Ոյժ չունեցող մարդու մը պէս եղայ։
5
Մեռելներու մէջ ինկած եմ Գերեզմանի մէջ պառկող սպաննուածներու պէս, Որոնք ա՛լ չես յիշեր Ու քու ձեռքէդ մերժուած են։
6
Դուն զիս ամենէն խորունկ գուբին մէջ դրիր, Խաւար ու խոր անդունդներու մէջ։
7
Քու տրտմութիւնդ ճնշեց իմ վրաս Եւ քու բոլոր ալիքներովդ զիս չարչարեցիր։ (Սէլա։)
8
Իմ ճանչուորներս ինծմէ հեռացուցիր, Զիս գարշելի ըրիր անոնց առջեւ. Գոցուեցայ ու դուրս չեմ ելլեր։
9
Տառապանքէն աչքերս վատացան. Ամէն օր քեզի աղաղակեցի, ո՛վ Տէր, Ձեռքերս քեզի երկնցուցի։
10
Միթէ մեռելներո՞ւն հրաշք պիտի ընես. Միթէ մեռածնե՞րը պիտի ելլեն ու քեզ գովեն։ (Սէլա։)
11
Միթէ կը պատմուի՞ քու ողորմութիւնդ գերեզմանին մէջ Ու քու ճշմարտութիւնդ՝ կորստեան մէջ։
12
Միթէ կը ճանչցուի՞ն քու հրաշքներդ խաւարին մէջ Ու քու արդարութիւնդ՝ մոռացման երկրին մէջ։
13
Բայց ես, ո՛վ Տէր, քեզի աղաղակեցի Ու իմ աղօթքս առտուն քու առջեւդ պիտի ելլէ։
14
Ո՛վ Տէր, ինչո՞ւ իմ անձս կը մերժես Ու քու երեսդ կը ծածկես ինծմէ։
15
Ես խեղճ եմ ու մանկութենէս ի վեր մեռնելու վրայ եմ։ Քու ահերդ քաշեցի ու խռովեցայ։
16
Քու սրտմտութիւնդ իմ վրաս իջաւ Եւ քու զարհուրանքներդ զիս կորսնցուցին։
17
Ամէն օր ջուրի պէս զիս պատեցին, Միասին չորս կողմս առին։
18
Հեռացուցիր ինծմէ սիրելին ու բարեկամը, Իմ ճանչուորներս խաւարի մէջ են։
← Chapter 87
Chapter 89 →