bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
armenian-1853
/
Psalms 82
Psalms 82
armenian-1853
1
Աստուած կայնած է աստուածային ժողովին մէջ, Աստուածներուն մէջ դատաստան կը տեսնէ։
2
«Մինչեւ ե՞րբ անիրաւութեամբ պիտի դատէք Ու ամբարիշտներուն աչառութիւն պիտի ընէք։ (Սէլա։)
3
Արդար դատաստան ըրէք աղքատին ու որբին, Խեղճին ու չքաւորին իրաւունքը պաշտպանեցէ՛ք։
4
Փրկեցէ՛ք աղքատը ու տնանկը, Ամբարիշտներուն ձեռքէն ազատեցէ՛ք զանոնք »։
5
Չեն իմանար ու չեն հասկնար, Խաւարի մէջ կը պտըտին։ Երկրի բոլոր հիմերը շարժեցան։
6
Ես ըսի. «Դուք աստուածներ էք. Ու դուք ամէնքդ Բարձրեալին որդիներն էք,
7
Բայց մարդոց պէս պիտի մեռնիք Ու իշխաններէն մէկուն պէս պիտի իյնաք»։
8
Ելի՛ր, ո՛վ Աստուած, դատէ՛ երկիրը Վասն զի բոլոր ազգերը քեզի կը պատկանին։
← Chapter 81
Chapter 83 →