bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
armenian-1853
/
Psalms 73
Psalms 73
armenian-1853
1
Յիրաւի Աստուած բարի է Իսրայէլի, Այսինքն սրտով մաքուր եղողներուն։
2
Բայց քիչ մնաց, որ իմ ոտքերս ծռէին Ու մազ մնաց, որ իմ քայլերս սայթաքէին։
3
Վասն զի նախանձեցայ հպարտներուն, Երբ ամբարիշտներուն յաջողութիւնը տեսայ.
4
Քանզի իրենց մահուան ժամանակն ալ ցաւ չունին, Մարմիննին ալ պատրաստ է։
5
Անոնք ուրիշ մարդոց նման նեղութեան մէջ չեն Եւ ուրիշ մարդոց պէս չեն տանջուիր։
6
Անոր համար վզնոցի պէս ամբարտաւանութիւնը զանոնք կը շրջապատէ. Բռնութիւնը հանդերձի պէս զանոնք կը ծածկէ։
7
Անոնց աչքերը պարարտութենէն դուրս կ’ելլեն եւ Սրտի խորհուրդներէն անդին կ’անցնին։
8
Ծաղր կ’ընեն ու չարութիւնով կը խօսին բռնութեան համար, Հպարտութիւնով կը խօսին։
9
Բերաննին երկնքի դէմ կը դնեն Ու իրենց լեզուն երկրի մէջ կը պտըտի։
10
(Անոր համար իր ժողովուրդը հոս պիտի դառնայ Ու առատութիւնով ջուր պիտի քամուի անոնց։)
11
Ու կ’ըսեն. «Աստուած ի՞նչպէս կրնայ գիտնալ, Բարձրեալին քով գիտութիւն կա՞յ»։
12
Ահա ասոնք են ամբարիշտները, Միշտ յաջողութիւն ունին ու հարստութիւն կ’աւելցնեն։
13
Յիրաւի զուր տեղը իմ սիրտս մաքրեցի Ու իմ ձեռքերս անմեղութիւնով լուացի,
14
Որովհետեւ ամէն օր կը տանջուիմ Ու ամէն առտու կը խրատուիմ։
15
Եթէ ըսէի. «Ես այսպէս պիտի խօսիմ», Քու որդիներուդ նենգութիւն ըրած պիտի ըլլայի։
16
Երբ խորհեցայ ասիկա իմանալու մասին, Դժուար թուեցաւ իմ աչքերուս,
17
Մինչեւ որ Աստուծոյ սրբարանը մտայ, Անոնց վախճանը իմացայ։
18
Իրաւամբ դուն զանոնք սահուն տեղեր դրեր ես. Կործանման մէջ իջեցուցիր զանոնք։
19
Ի՜նչպէս յանկարծակի աւերմունքի մէջ ինկան. Հատան ու վախերով կորսուեցան։
20
Ինչպէս երազ մը՝ մարդուն արթննալէն յետոյ, Այնպէս, ո՛վ Տէր, քաղաքին մէջ անոնց պատկերը պիտի անարգես։
21
Երբ իմ սիրտս ցաւեցաւ Ու իմ երիկամունքներէս խոցուեցայ,
22
Ես յիմար էի ու չէի իմանար, Քու առջեւդ անասուններու պէս էի։
23
Սակայն ես միշտ քեզի հետ եմ, Դուն իմ աջ ձեռքէս կը բռնես։
24
Դուն պիտի առաջնորդես զիս քու խորհրդովդ Ու վերջը փառքով զիս պիտի ընդունիս։
25
Ո՞վ ունիմ ես երկնքի մէջ. Երկրի վրայ ալ քեզմէ զատ մէկը չեմ ուզեր։
26
Իմ մարմինս ու սիրտս կը մաշին, Բայց Աստուած իմ սրտիս զօրութիւնը ու իմ բաժինս է յաւիտեան։
27
Վասն զի ահա անոնք որ քեզմէ կը հեռանան, կը կորսուին. Դուն կը սատկեցնես ամէնքը որ շնութիւն կ’ընեն՝ քեզմէ մոլորելով ։
28
Բայց Աստուծոյ մօտենալս բարի է ինծի։ Յոյսս դրեր եմ Տէր Եհովային վրայ, Որպէս զի քու բոլոր գործերդ պատմեմ։
← Chapter 72
Chapter 74 →