bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
armenian-1853
/
Psalms 67
Psalms 67
armenian-1853
1
Աստուած թող ողորմի մեզի ու օրհնէ մեզ, Երեսը թող փայլեցնէ մեր վրայ, (Սէլա,)
2
Որպէս զի երկրի վրայ քու ճամբադ ճանչցուի Ու բոլոր ազգերուն մէջ՝ քու փրկութիւնդ։
3
Թող ժողովուրդները քեզ գովեն, ո՛վ Աստուած, Բոլոր ժողովուրդները թող քեզ գովեն։
4
Ազգերը թող ուրախանան ու ցնծան, Վասն զի ժողովուրդները ուղղութիւնով պիտի դատես Ու երկրի ազգերը դո՛ւն պիտի առաջնորդես։ (Սէլա։)
5
Թող ժողովուրդները քեզ գովեն, ո՛վ Աստուած, Բոլոր ժողովուրդները թող քեզ գովեն։
6
Երկիր իր պտուղը պիտի տայ. Ու Աստուած, մեր Աստուածը, մեզ պիտի օրհնէ։
7
Աստուած մեզ պիտի օրհնէ Ու երկրին բոլոր ծայրերը անկէ պիտի վախնան։
← Chapter 66
Chapter 68 →