bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
armenian-1853
/
Psalms 63
Psalms 63
armenian-1853
1
Ո՛վ Աստուած, դո՛ւն ես իմ Աստուածս, Ես առտուն քեզ կը փնտռեմ. Հոգիս կը ծարաւի քեզի ու մարմինս քեզի կը փափաքի Չոր ու ծարաւ տեղը, ուր ջուր չկայ։
2
Քու զօրութիւնդ ու փառքդ տեսնելու համար Ինչպէս քեզ տեսած եմ սրբարանին մէջ։
3
Որովհետեւ քու ողորմութիւնդ կեանքէն աղէկ է։ Իմ շրթունքներս քեզ պիտի գովեն։
4
Այսպէս պիտի օրհնեմ քեզ իմ կեանքիս ընթացքին, Քու անունովդ ձեռքերս վեր պիտի վերցնեմ։
5
Իբր թէ ճարպով ու պարարտութիւնով պիտի կշտանայ իմ անձս Ու ցնծութեան շրթունքներով պիտի գովէ քեզ իմ բերանս։
6
Անկողնիս վրայ քեզ կը յիշեմ, Գիշերուան պահերուն մէջ քու վրայովդ կը մտածեմ.
7
Վասն զի ինծի օգնական եղար Ու քու թեւերուդ հովանաւորութեանը տակ պիտի ցնծամ։
8
Իմ անձս քեզի կը յարի, Քու աջ ձեռքդ զիս կը պահէ.
9
Բայց անոնք որ անձս կը փնտռեն զանիկա կորսնցնելու համար, Գետնին խորունկ տեղերը պիտի մտնեն,
10
Սուրի պիտի մատնուին, Աղուէսներու բաժին պիտի ըլլան։
11
Բայց թագաւորը Աստուծմով պիտի ուրախանայ, Բոլոր անով երդում ընողները պիտի պարծենան, Իսկ ստախօսներուն բերանը պիտի պապանձի։
← Chapter 62
Chapter 64 →