bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
armenian-1853
/
Psalms 61
Psalms 61
armenian-1853
1
Ո՛վ Աստուած, լսէ՛ իմ աղաղակս Ու մտիկ ըրէ՛ իմ աղօթքիս։
2
Երկրի ծայրէն քեզի պիտի կանչեմ՝ սրտիս մարելու ատենը, Դէպի ինծմէ բարձր եղած վէմը առաջնորդէ՛ զիս։
3
Վասն զի դուն ինծի ապաւէն եղար, Ամուր աշտարակ մը՝ թշնամիին դէմ։
4
Ես քու խորանիդ մէջ պիտի բնակիմ յաւիտեան. Քու թեւերուդ հովանաւորութեանը տակ պիտի ապաւինիմ։ (Սէլա։)
5
Վասն զի դուն՝ ո՛վ Աստուած՝ լսեցիր իմ ուխտերս. Քու անունէդ վախցողներուն ժառանգութիւնը ինծի տուիր։
6
Թագաւորին օրերուն վրայ օրեր պիտի աւելցնես. Անոր տարիները ազգէ մինչեւ ազգ թող տեւեն։
7
Անիկա յաւիտեան Աստուծոյ առջեւ պիտի նստի։ Ողորմութիւն ու ճշմարտութիւն պիտի պատրաստէ, որպէս զի զանիկա պահպանեն։
8
Այսպէս սաղմոս պիտի երգեմ քու անուանդ յաւիտեան, Որպէս զի ամէն օր ուխտերս կատարեմ։
← Chapter 60
Chapter 62 →