bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
armenian-1853
/
Psalms 6
Psalms 6
armenian-1853
1
Ո՛վ Տէր, քու սրտմտութիւնովդ զիս մի՛ յանդիմաներ Եւ քու բարկութիւնովդ զիս մի՛ խրատեր։
2
Ո՛վ Տէր, ողորմէ՛ ինծի, վասն զի տկար եմ ես. Զիս բժշկէ, ո՛վ Տէր, վասն զի ոսկորներս կը սարսափին։
3
Իմ անձս ալ խիստ սարսափեցաւ. Եւ դուն, ո՛վ Տէր, մինչեւ ե՞րբ։
4
Դարձի՛ր, ո՛վ Տէր, փրկէ իմ անձս, Քու ողորմութեանդ համար զիս ազատէ։
5
Վասն զի մահուան մէջ քեզ յիշատակել չկայ. Գերեզմանին մէջ ո՞վ քեզի շնորհակալութիւն պիտի յայտնէ։
6
Հառաչանք ընելէ յոգնեցայ. Ամէն գիշեր կը լուամ իմ անկողինս, Արցունքներովս կը թրջեմ իմ մահիճս։
7
Իմ աչքս մաշեցաւ տրտմութենէն, Իմ բոլոր թշնամիներուս պատճառով հինցաւ։
8
Ինծմէ ե՛տ կեցէք ամէնքդ ալ, որ անօրէնութիւն կը գործէք. Վասն զի Տէրը իմ լալուս ձայնը լսեց.
9
Տէրը իմ աղօթքս լսեց. Տէրը իմ խնդրուածքս պիտի ընդունի։
10
Թող ամչնան ու խիստ զարհուրին իմ բոլոր թշնամիներս, Ետ թող դառնան ու շուտով ամչնան։
← Chapter 5
Chapter 7 →