bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
armenian-1853
/
Psalms 57
Psalms 57
armenian-1853
1
Ողորմէ՛ ինծի, ո՛վ Աստուած, ողորմէ՛ ինծի, Վասն զի իմ անձս քեզի կը յուսայ։ Քու թեւերուդ հովանաւորութեանը պիտի ապաւինիմ, Մինչեւ որ թշուառութիւնները անցնին։
2
Բարձրեալ Աստուծոյն պիտի աղաղակեմ, Իմ բարերար Աստուծոյս։
3
Երկնքէն պիտի ղրկէ ու փրկէ՛ զիս Ու զիս կլլել ուզողները պիտի նախատէ. (Սէլա.) Աստուած պիտի ղրկէ իր ողորմութիւնը ու ճշմարտութիւնը։
4
Իմ անձս առիւծներու մէջ է. Բոց փչող մարդոց որդիներուն մէջ կը պառկիմ, Որոնց ակռաները նիզակներ ու նետեր են Եւ անոնց լեզուները սրած թուրեր են։
5
Ո՛վ Աստուած, երկնքի վրայ բարձրացիր. Քու փառքդ բոլոր երկրի վրայ թող ըլլայ։
6
Իմ քայլերուս որոգայթ պատրաստեցին, Անձս խոնարհեցաւ, Փոս փորեցին առջեւս, Բայց իրենք ինկան անոր մէջ։ (Սէլա։)
7
Սիրտս պատրաստ է, ո՛վ Աստուած, սիրտս պատրաստ է. Պիտի երգեմ ու սաղմոս պիտի ըսեմ։
8
Արթնցի՛ր, ո՛վ իմ փառքս. Արթնցէ՛ք, ո՛վ տաւիղ ու քնար. Ես կանուխ պիտի արթննամ։
9
Ո՛վ Տէր, ժողովուրդներուն մէջ քեզ պիտի գովեմ եւ Սաղմոս պիտի երգեմ քեզի ազգերուն մէջ.
10
Վասն զի մեծ է քու ողորմութիւնդ մինչեւ երկինք Ու քու ճշմարտութիւնդ մինչեւ ամպերը։
11
Երկնքի վրայ բարձրացիր, ո՛վ Աստուած, Քու փառքդ բոլոր երկրի վրայ թող ըլլայ։
← Chapter 56
Chapter 58 →