bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
armenian-1853
/
Psalms 42
Psalms 42
armenian-1853
1
Ինչպէս եղջերուն ջուրի վտակներու կը փափաքի, Այնպէս ալ իմ անձս քեզի կը փափաքի, ո՛վ Աստուած։
2
Հոգիս ծարաւի է Աստուծոյ, կենդանի Աստուծոյն, Ե՞րբ պիտի գամ ու երեւնամ Աստուծոյ առջեւ։
3
Ցորեկ ու գիշեր արցունքներս ինծի հաց եղան, Որովհետեւ ամէն օր ինծի կ’ըսեն. «Ո՞ւր է քու Աստուածդ»։
4
Այս բաները միտքս կը բերեմ Ու հոգիս կը թափեմ իմ ներսիդիս, Փափաքելով որ բազմութեան հետ երթամ, Անոնց հետ հանդէսով Աստուծոյ տունը մտնեմ՝ Ուրախութեան ու օրհնութեան ձայնով, Տօնախմբող բազմութեան հետ։
5
Ինչո՞ւ կը ցածնաս, ո՛վ իմ հոգիս Եւ ինչո՞ւ իմ ներսիդիս անհանգիստ ես։ Աստուծո՛յ յուսա, վասն զի անգամ մըն ալ զանիկա պիտի գովեմ, Իր երեսին փրկութեանը համար ։
6
Ո՛վ իմ Աստուածս, հոգիս իմ ներսիդիս կը ցածնայ. Անոր համար քեզ կը յիշեմ Յորդանանի երկրէն Ու Հերմոններէն ու Փոքր լեռնէն։
7
Անդունդը անդունդին կը կանչէ քու յորձանքներուդ ձայնովը. Քու ամէն կոհակներդ ու ալիքներդ իմ վրայէս անցան։
8
Ցորեկը Տէրը՝ պիտի պատուիրէ իր ողորմութեանը Ու գիշերը իր երգը ինծի հետ պիտի ըլլայ Ու աղօթք մը՝ իմ կեանքիս Աստուծոյն։
9
Պիտի ըսեմ Աստուծոյ, իմ Վէմիս. «Ինչո՞ւ զիս մոռցեր ես, Ինչո՞ւ տրտում պտըտիմ Թշնամիին հարստահարութենէն»։
10
Ոսկորներս կոտրտելու չափ՝ թշնամիներս զիս կը նախատեն՝ Ամէն օր ինծի ըսելով. «Ո՞ւր է քու Աստուածդ»։
11
Ինչո՞ւ կը ցածնաս, ո՛վ իմ հոգիս Եւ ինչո՞ւ իմ ներսիդիս անհանգիստ ես։ Աստուծո՛յ յուսա, վասն զի անգամ մըն ալ զանիկա պիտի գովեմ։ Ան է իմ երեսիս փրկութիւնը ու իմ Աստուածս։
← Chapter 41
Chapter 43 →