bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
armenian-1853
/
Psalms 4
Psalms 4
armenian-1853
1
Կանչելու ատենս ինծի պատասխան տուր, ո՛վ իմ արդարութեանս Աստուածը։ Նեղութեան մէջ զիս ընդարձակեցիր. Ողորմէ՛ ինծի ու լսէ՛ իմ աղօթքս։
2
Մարդո՛ց որդիներ, մինչեւ ե՞րբ իմ փառքս ամօթի պիտի դարձնէք Եւ ունայնութիւն պիտի սիրէք ու ստութիւն փնտռէք։ (Սէլա։)
3
Բայց գիտցէք թէ Տէրը իրեն նուիրուած մարդը որոշեց։ Տէրը պիտի լսէ իրեն կանչելու ատենս։
4
Դողացէ՛ք ու մեղք մի՛ գործէք. Խօսեցէ՛ք սրտերնուդ հետ ձեր անկողիններուն վրայ ու լռեցէ՛ք։ (Սէլա։)
5
Արդարութեան զոհեր մատուցանեցէ՛ք, Ու Տէրոջը յուսացէ՛ք։
6
Շատեր կ’ըսեն թէ՝ «Ո՞վ մեզի բարութիւն պիտի ցուցնէ»։ Ո՛վ Տէր, քու երեսիդ լոյսը մեր վրայ ծագեցուր։
7
Իմ սրտիս ուրախութիւն տուիր՝ Անոնց ցորենին ու գինիին առատութեան ժամանակէն աւելի։
8
Խաղաղութեամբ պիտի պառկիմ ու քնանամ, Վասն զի դո՛ւն միայն, Ո՛վ Տէր, զիս ապահովութեամբ կը բնակեցնես։
← Chapter 3
Chapter 5 →