bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
armenian-1853
/
Psalms 36
Psalms 36
armenian-1853
1
Ամբարշտին չարութեանը վրայով սրտիս մէջի խօսքը այս է. Աստուծոյ վախը չկայ իր աչքերուն առջեւ։
2
Վասն զի ինքզինք կը շողոքորթէ իր աչքերուն առջեւ՝ Խորհելով թէ իր անօրէնութիւնը յայտնի եւ ատելի չըլլար։
3
Անոր բերնին խօսքերը անօրէնութիւն ու նենգութիւն են. Իմաստութիւն չունի բարին ընելու համար։
4
Իր անկողնին մէջ անօրէնութեան վրայ կը մտածէ Ու կը կենայ այնպիսի ճամբու մը մէջ, որ աղէկ չէ Եւ չարէն չի զզուիր։
5
Ո՛վ Տէր, քու ողորմութիւնդ մինչեւ երկինք կը հասնի Ու քու ճշմարտութիւնդ՝ մինչեւ ամպերը։
6
Քու արդարութիւնդ հզօր լեռներու պէս է, Քու իրաւունքդ մեծ անդունդ մըն է. Մարդիկն ու անասունները դուն կ’ապրեցնես, ո՛վ Տէր։
7
Ո՛վ Աստուած, ի՜նչ գերազանց է քու գթութիւնդ։ Մարդոց որդիները քու թեւերուդ հովանաւորութեանը կ’ապաւինին։
8
Անոնք քու տանդ պարարտութենէն պիտի կշտանան Ու քու հաճութիւններուդ գետէն պիտի խմցնես անոնց։
9
Վասն զի կեանքի աղբիւրը քու քովդ է. Քու լուսովդ լոյս պիտի տեսնենք։
10
Քու ողորմութիւնդ քեզ ճանչցողներուն շարունակէ Ու քու արդարութիւնդ՝ սրտով ուղիղներուն։
11
Ամբարտաւանութեան ոտքը թող իմ վրաս չգայ Ու չարերուն ձեռքը զիս չշարժէ։
12
Հոն ինկան անօրէնութիւն գործողները. Գետինը զարնուեցան ու չկրցան վեր ելլել։
← Chapter 35
Chapter 37 →