bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
armenian-1853
/
Psalms 26
Psalms 26
armenian-1853
1
Ո՛վ Տէր, զիս դատէ, Վասն զի իմ անարատութիւնովս քալեցի։ Տէրոջը յուսացի, պիտի չսասանիմ։
2
Ո՛վ Տէր, զիս փորձէ ու քննէ, Փորձէ իմ երիկամունքներս ու սիրտս։
3
Վասն զի քու ողորմութիւնդ իմ աչքերուս առջեւ է Ու քու ճշմարտութեանդ մէջ քալեցի։
4
Խարդախ մարդոց հետ չնստեցայ Ու կեղծաւորներու պիտի չընկերանամ։
5
Չարերուն ժողովը ատեցի Ու ամբարիշտներուն հետ պիտի չնստիմ։
6
Անմեղութիւնով ձեռքերս պիտի լուամ Եւ քու սեղանիդ չորս կողմը պիտի պտըտիմ, ո՛վ Տէր,
7
Որպէս զի շնորհակալութեան ձայնը լսել տամ Ու քու բոլոր սքանչելիքներդ պատմեմ։
8
Ո՛վ Տէր, սիրեցի քու տանդ բնակութիւնը Եւ քու փառքիդ կեցած տեղը։
9
Մի՛ կորսնցներ իմ անձս մեղաւորներուն հետ Ու իմ կեանքս՝ արիւնահեղ մարդոց հետ,
10
Որոնց ձեռքերուն մէջ անօրէնութիւն կայ Ու անոնց աջ ձեռքը կաշառքով լեցուն է։
11
Բայց ես իմ անարատութիւնովս պիտի քալեմ. Զիս փրկէ՛ ու ինծի ողորմէ՛։
12
Իմ ոտքս ուղղութեան մէջ կը կենայ։ Ժողովներուն մէջ Տէրը պիտի օրհնեմ։
← Chapter 25
Chapter 27 →