bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
armenian-1853
/
Psalms 146
Psalms 146
armenian-1853
1
Ալէլուիա՜։ Օրհնէ՛ Տէրը, ո՛վ իմ անձս։
2
Տէրը պիտի օրհնեմ իմ կեանքիս մէջ։ Որքան ատեն որ ողջ եմ՝ իմ Աստուծոյս սաղմոս պիտի ըսեմ։
3
Մի՛ յուսաք իշխաններուն, Մարդու որդիին՝ որուն քով փրկութիւն չկայ։
4
Անոր հոգին կ’ելլէ, անիկա իր հողը կը դառնայ։ Նոյն օրը անոր խորհուրդները կը կորսուին։
5
Երանի՜ անոր՝ որուն օգնականը Յակոբին Աստուածն է Ու անոր յոյսը իր Տէր Աստուծոյն վրայ է,
6
Որ երկինքը ու երկիրը, Ծովն ու բոլոր անոնց մէջ եղածները ստեղծեց։ Ճշմարտութիւնը կը պահէ յաւիտեան,
7
Իրաւունք կ’ընէ զրկուածներուն Ու հաց կու տայ անօթիներուն։ Տէրը կ’արձակէ կապուածները,
8
Տէրը կը բանայ կոյրերուն աչքերը, Տէրը կը կանգնեցնէ վար ծռածները, Տէրը կը սիրէ արդարները,
9
Տէրը կը պահէ պանդուխտները, Կը հաստատէ որբն ու որբեւարին, Բայց ամբարիշտներուն ճամբան կը ծռէ։
10
Տէրը պիտի թագաւորէ յաւիտեան, Քու Աստուածդ, ո՛վ Սիօն, ազգէ մինչեւ ազգ։ Ալէլուիա՜։
← Chapter 145
Chapter 147 →