bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
armenian-1853
/
Psalms 144
Psalms 144
armenian-1853
1
Օրհնեա՛լ ըլլայ Տէրը, իմ Վէմս, Որ իմ ձեռքերս մարտնչելու կը վարժեցնէ Ու իմ մատներս՝ պատերազմելու։
2
Անիկա է իմ ողորմութիւնս ու պարիսպս, Իմ ապաւէնս ու փրկիչս, Իմ վահանս, ուստի ես անոր կը յուսամ, Որ իմ ժողովուրդս ինծի կը հնազանդեցնէ։
3
Ո՛վ Տէր, մարդը ի՞նչ է որ զանիկա կը ճանչնաս Ու մարդու որդին, որ զանիկա կը յարգես։
4
Մարդը ունայնութեան պէս է Անոր օրերը անցնող շուքի պէս են։
5
Ո՛վ Տէր, խոնարհեցո՛ւր քու երկինքդ ու վա՛ր իջիր, Լեռներուն դպչէ ու պիտի մխան։
6
Փայլակը նետէ ու ցրուէ զանոնք, Քու նետերդ ղրկէ ու զանոնք խռովեցուր։
7
Քու ձեռքդ վերէն ղրկէ եւ ազատէ՛ զիս. Փրկէ՛ զիս շատ ջուրերէն ու օտարներուն ձեռքէն,
8
Որոնց բերանը ունայնութիւն կը խօսի Եւ անոնց աջ ձեռքը ստութեան աջ ձեռքն է։
9
Ո՛վ Աստուած, քեզի նոր երգ պիտի երգեմ, Տասը լար ունեցող տաւիղով սաղմոս պիտի ըսեմ քեզի։
10
Թագաւորներուն փրկութիւն տուողը Ու իր Դաւիթ ծառան չար սուրէն ազատողը ա՛ն է։
11
Զիս ազատէ ու օտարներուն ձեռքէն փրկէ՛, Որոնց բերանը ունայնութիւն կը խօսի Եւ անոնց աջ ձեռքը ստութեան աջ ձեռքն է։
12
Որպէս զի մեր որդիները իրենց երիտասարդութեանը մէջ տունկերու պէս մեծնան Ու մեր աղջիկները պալատի շէնքին համար փորագրուած անկիւնի քարերու պէս ըլլան։
13
Որպէս զի մեր ամբարները լեցուին Եւ տեսակ տեսակ կերակուրներ բղխեցնեն Ու մեր ոչխարները հազարաւոր եւ բիւրաւոր ծնանին մեր արտերուն մէջ։
14
Որպէս զի մեր արջառները բազմածին ըլլան Ու ամենեւին դժբաղդութեան եւ աւերումի վիժում չըլլայ, Ոչ ալ աղաղակ՝ մեր հրապարակներուն մէջ։
15
Երանի՜ այսպիսի վիճակի մէջ եղող ժողովուրդին. Երանի՜ այն ժողովուրդին՝ որուն Աստուածը Եհովան է։
← Chapter 143
Chapter 145 →