bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
armenian-1853
/
Psalms 14
Psalms 14
armenian-1853
1
Անզգամը իր սրտին մէջ ըսաւ թէ՝ «Աստուած չկայ»։ Ապականեցան ու պիղծ գործեր ըրին. Մէկը չկայ որ աղէկութիւն ընէ։
2
Տէրը երկնքէն նայեցաւ մարդոց որդիներուն, Որպէս զի տեսնէ թէ կա՞յ արդեօք իմաստուն մէկը, Որ Աստուած փնտռէ։
3
Ամէնքը խոտորեցան, մէկտեղ անպիտան եղան. Աղէկութիւն ընող մը չկայ, հատ մըն ալ չկայ։
4
Միթէ չե՞ն ճանչնար բոլոր անօրէնութիւն ընողները, Որոնք հաց ուտելու պէս իմ ժողովուրդս կ’ուտեն Ու Տէրոջը չեն կանչեր.
5
Այն ատեն շատ վախցան. Քանզի Աստուած արդարներուն ազգին մէջ է։
6
Աղքատին խորհուրդը շփոթեցուցիք, Սակայն անոր յոյսը Տէրն է։
7
Երանի՜ թէ Սիօնէն գար Իսրայէլին փրկութիւնը. Տէրը իր ժողովուրդը գերութենէն դարձուցած ատենը՝ Յակոբ պիտի ցնծայ ու Իսրայէլ ուրախ պիտի ըլլայ։
← Chapter 13
Chapter 15 →