bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
armenian-1853
/
Psalms 132
Psalms 132
armenian-1853
1
Դաւիթին սիրոյն, ո՛վ Տէր, յիշէ՛ Դաւիթը եւ անոր բոլոր նեղութիւնները,
2
Որ երդում ըրաւ Տէրոջը Եւ ուխտ դրաւ Յակոբին Զօրաւորին,
3
Ըսելով. «Իմ տանս բնակարանը պիտի չմտնեմ Ու իմ փռած անկողինիս վրայ պիտի չելնեմ։
4
Իմ աչքերուս՝ քուն Եւ արտեւանունքներուս նիրհում պիտի չտամ,
5
Մինչեւ Տէրոջը համար տեղ մը գտնեմ Յակոբին՝ Զօրաւորին համար՝ բնակարան»։
6
Ահա անոր վրայով լսեցինք Եփրաթայի մէջ Եւ զանիկա գտանք անտառի դաշտերուն մէջ։
7
«Մտնենք անոր բնակարանները Ու երկրպագութիւն ընենք անոր պատուանդանին քով»։
8
Քու հանգստութեանդ տեղը ելի՛ր, ո՛վ Տէր, Դուն ու քու զօրութեանդ տապանակը։
9
Քահանաներդ թող արդարութիւն հագնին Եւ քու սուրբերդ ցնծան։
10
Քու Դաւիթ ծառայիդ սիրոյն Անդին մի՛ դարձներ քու օծեալիդ երեսը։
11
Տէրը երդում ըրաւ Դաւիթին ճշմարտութեամբ Ու ետ չի դառնար անկէ. «Քու որովայնիդ պտուղէն մէկը Քու աթոռիդ վրայ պիտի նստեցնեմ։
12
Եթէ քու որդիներդ պահեն իմ ուխտս ու վկայութիւններս Որոնք անոնց պիտի սորվեցնեմ, Այն ատեն անոնց որդիներն ալ Քու աթոռիդ վրայ պիտի նստին յաւիտեան»։
13
Վասն զի Տէրը Սիօնը ընտրեց Եւ զանիկա իրեն բնակութեան համար ուզեց,
14
Ըսելով. «Այս է իմ յաւիտենական հանգստավայրս։ Ասոր մէջ պիտի բնակիմ, վասն զի ասիկա ուզեցի։
15
Անոր պաշարը առատութեամբ պիտի օրհնեմ Ու անոր աղքատները հացով պիտի կշտացնեմ
16
Եւ անոր քահանաներուն փրկութիւն պիտի հագցնեմ Ու անոր սուրբերը ուրախութեամբ պիտի ցնծան։
17
Այն տեղը Դաւիթին եղջիւր պիտի բուսցնեմ Ու ճրագ պիտի պատրաստեմ իմ օծեալիս համար։
18
Անոր թշնամիներուն ամօթ պիտի հագցնեմ, Բայց անոր վրայ իր թագը պիտի ծաղկի։
← Chapter 131
Chapter 133 →