bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
armenian-1853
/
Psalms 130
Psalms 130
armenian-1853
1
Խորունկ տեղերէն քեզի կանչեցի, ո՛վ Տէր։
2
Ո՛վ Տէր, իմ ձայնս լսէ։ Քու ականջներդ թող մտիկ ընեն իմ աղօթքիս ձայնին։
3
Ո՛վ Տէր, եթէ անօրէնութիւնները յիշելու ըլլաս, Տէ՛ր, ո՞վ կրնայ կենալ։
4
Բայց քու քովդ է թողութիւնը, Որպէս զի քեզմէ վախնան։
5
Ես Տէրոջը կը սպասեմ, իմ անձս կը սպասէ Ու անոր խօսքին կը յուսամ։
6
Առտուան սպասողներէն, առտուան սպասողներէն աւելի Իմ անձս Տէրոջը կը սպասէ ։
7
Իսրայէլ թող Տէրոջը յուսայ, Վասն զի Տէրոջը քով ողորմութիւն կայ Ու անոր քով շատ փրկութիւն կայ։
8
Անիկա պիտի փրկէ Իսրայէլը Իր բոլոր անօրէնութիւններէն։
← Chapter 129
Chapter 131 →