bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
armenian-1853
/
Psalms 12
Psalms 12
armenian-1853
1
Ո՛վ Տէր, փրկէ, վասն զի սուրբ չմնաց. Վասն զի հաւատարիմները մարդոց որդիներուն մէջէն պակսեցան։
2
Ամէն մարդ սուտ կը խօսի իր ընկերին. Շողոքորթող շրթունքներով ու կրկին սրտով կը խօսին։
3
Տէրը պիտի կտրէ բոլոր շողոքորթող շրթունքները Ու մեծախօս լեզուն,
4
Որոնք ըսին թէ՝ «Մեր լեզուներով պիտի յաղթենք, Մեր շրթունքները մերն են։ Մեր վրայ ո՞վ պիտի տիրէ»։
5
«Աղքատներուն զրկանքին ու տնանկներուն հեծութեանը համար Հիմա պիտի ելլեմ, կ’ըսէ Տէրը, Ազատութեան մէջ պիտի դնեմ զանիկա, որուն կը բաղձայ»։
6
Տէրոջը խօսքերը մաքուր խօսքեր են. Հողէ բովքի մէջ զտուած, Եօթը անգամ մաքրուած արծաթի պէս են։
7
Ո՛վ Տէր, դուն պիտի պահես զանոնք Ու պիտի պաշտպանես այս ազգէն մինչեւ յաւիտեան։
8
Ամբարիշտները ամէն կողմ կը պտըտին, Երբ մարդոց որդիներուն մէջ անարգները բարձրանան։
← Chapter 11
Chapter 13 →